2015-10-03 13:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աղքատրնեը թիւ չեն այլ անձեր''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 3 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Սննդային Պահեստի Հիմնարկ»   բարեսիրական կազմակերպութեան 7 հազար անդամներուն։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը իր ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց այս հանդիպման համար, ուր ներկայ էին կազմակերպութիւններ եւ առանձին անհատներ, որոնք կը համագործակցին «Սննդային Պահեստի Հիմնարկի» հետ։ Արդէն 25 տարիներէ ի վեր այս հաստատութիւնը կը գործէ բազմաթիւ կամաւորներով, պայքարելով աղքատութեան դէմ։

Սրբազան Պապը ըսաւ՝ «Ներկայիս անօթութիւնը հասած է գայթագղելի չափերու, որ կը վտանգէ բազմաթիւ անհատներու կեանքին եւ արժանապատուութեան։ Օր ըստ օրէ պէտք է դիմագրաւենք այս անարդարութիւնը։ Աշխարհի մը մէջ, ուր ունինք սննդային պաշարներու հարստութիւնը, շնորհիւ ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւններուն, շատեր ոչ իսկ անհրաժեշտը ունին՝ կարենալ գոյատեւելու համար։ Այս իրականութեան վկաներն ենք, ոչ միայն աղքատ երկիրներու մէջ, այլ նաեւ, միշտ աւելի՝ հարուստ եւ զարգացած ընկերութիւններու մէջ։ Այս իրավիճակը առաւել եւս ծանրացած է գաղթականներու հոսքի պատճառաւ, որ հազարաւոր մարդիկ Եւրոպա կը բերէ։ Այս խնդիրներուն դիմաց մեր ականջներուն կը հնչեն Քրիստոսի խօսքերը` Անօթի էի, եւ ինծի ուտելիք տուիք»։ (Մտթ ԻԵ. 35)

Երբ Յիսուսի հետեւող բազմութիւնը անօթի էր, Յիսուս անոնց ընդառաջեց եւ զանոնք կերակրեց։ Մենք չենք կրնար Յիսուսի կատարած հրաշքները գործել։ Սակայն կրնանք մեր կարելին ընել սովի տագնապին դէմ։ Նախ եւ առաջ կրնանք մարդկութիւնը դաստիարակել, որ ճանչնայ մարդ արարածը՝ իւրաքանչիւր անհատի մէջ։ Այս էր հաւանաբար Տանիլօ Ֆոսսաթիի՝ «Սննդային Պահեստի» հիմնադիրին գաղափարը, երբ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէր Տոն Ճուսսանիի՝ ի տես տակաւին ճաշակելի արտադրանքներու փճացումին՝ մինչ Իտալիոյ մէջ մարդիկ կը տառապէին անօթութենէ։ Տոն Ճուսսանի, ազդուած այս իրականութենէն, ըսած է՝ «քիչ անգամներ պատահած է ինծի, որ զօրաւոր անհատ մը կ՛ուզէ տալ՝ առանց փոխարէն բան մը պահանջելու, եւ երբեք մարդ մը չեմ ճանչցած, որ կու տար առանց երեւնալ ուզելու»։

Սրբազան Պապը գնահատեց այս երկու անձանաւորութիւններու գործը, որոնք աղքատներու աղաղակին դիմաց անտարբեր չէին մնացած։ Յորդորեց հաստատութեան անդամները, որ վստահութեամբ շարունակեն այս գործը, դիտել տալով, որ անոնց նպաստը կրնայ միայն կաթիլ մը նկատուիլ կարիքի ծովուն մէջ, եւ սակայն կը մնայ արժէքաւոր։

Յիսուս ինքնին մեզ կը հրաւիրէ անօթիներուն կերակուր տալու, եւ Եկեղեցին այդ կը նկատէ մարմնական ողորմութեան գործերէն մին։

«Դուք ամէն օր կը հանդիպիք հարիւրաւոր անհատներու։ Մի մոռնաք, որ անոնք անհատներ են, եւ ոչ թէ լոկ թիւեր. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տառապանքի բեռը, որ երբեմն անկարելի կը թուի կրել»։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները՝ ըլլալ եղբայրներ եւ բարեկամներ աղքատներուն հանդէպ. անոնց զգալ տալ՝ որ կարեւոր են Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր պատգամը ըսելով՝ «Թող դժուարութիւնները ձեզ չվհատեցնեն. ընդհակառակը՝ ձեզ մղեն միշտ աւելի իրարու աջակցելու։ Թող Տիրամայրը՝ Սիրոյ Մայրը ձեզ պաշտպանէ։ Ձեզի կ՛ընկերանամ իմ օրհնութեամբս«։








All the contents on this site are copyrighted ©.